31 յունուար 2018-ին Դաշնակցութեան հայաստանեան կազմակերպութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր դէպք մը, որ կոչուած է նոր էջ մը բանալու հայկական աշխատաւորական շարժման պատմութեան մէջ, էջ մը, որ վերակենդանացման եւ վերաթարմացման կրնայ ենթարկել ՀՅԴ-ի ընկերային ուղեգիծը: Յիշեալ թուականին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը ստեղծեց «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ը` նեցուկ կանգնելու համար հայաստանաբնակ աշխատաւորներու արժանապատուութեան:
Նորաստեղծ գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ ինք եկած է` տրամադրելու աշխատանքային հիմնական իրաւունքներու մասին իրազեկում, աշխատողներու աշխատանքային վէճերու դէպքերուն ընթացքին դատական հայցերու պատրաստութիւն, աշխատողներու համար փաստաբանական անվճար ծառայութիւն` աշխատանքային վէճերու գծով (չվճարուած աշխատավարձ, աշխատանքէ անօրինական ազատ կացուցում եւ այլն) ու զբաղուածութեան պետական ծառայութեան տարածքային կեդրոններ ուղղորդելու միջոցով աշխատանքային ու մասնագիտական կողմնորոշում եւ այլն:
Պէտք է ըսել, որ «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ի ստեղծումը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք առաջին փորձը կը նկատուի քաղաքական առաջնահերթութեան օրակարգերուն մէջ մտցնելու աշխատաւորներու իրաւունքներուն հարցը, որ իր մեծ կարեւորութիւնը ունի Հայաստանի համար, եւ այդ փորձը կատարեց աշխատաւորներուն հին ընկերը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հարուստ ժառանգութիւն ունի անցեալ դարու սկզբնաւորութեան կազմակերպելու արհեստակցական միութիւններ` կովկասեան հայահոծ քաղաքներուն մէջ եւ առաջնորդելով հայ աշխատաւորական շարժումը շրջանին մէջ տեղի ունեցած ամէնէն կարեւոր երկու դէպքերուն` առաջին` 1905-ի, իսկ երկրորդ` 1917-ի (Փետրուարեան յեղափոխութիւն) յեղափոխութիւններուն ընթացքին, ապա առաջին անկախութեան ժամանակաշրջանին Դաշնակցութիւնը մաս կազմեց հանրապետութեան կերտման` նաեւ ժողովրդավարութեան ու ընկերային արդարութեան արժէքներուն ամրապնդման միջոցով: «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ի ստեղծումը առաջին քայլը կը հանդիսանայ վերանկախացած հայրենիքին մէջ` ամրացնելու ՀՅԴ-ի եւ աշխատաւոր ժողովուրդին միջեւ կապը:
Անշուշտ ՀՅԴ-ի ընելիքը «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ի ստեղծումով չի վերջանար, այլ հոն կը սկսի` վերակազմակերպելու հայկական աշխատաւորական շարժումը, հետագային հիմնելով արհեստակցական, գիւղացիական եւ համագործակցական միութիւններ, ապա ընդլայնելով անոնց ցանցերը մինչեւ Արցախ եւ սփիւռք: ՀՅԴ-էն մեծ ակնկալութիւններ կան աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Ան աշխատանքի շուկային մէջ պէտք է ըլլայ աշխատաւորներու կազմակերպիչ ուժը եւ պայքարողը` յանուն աշխատաւորներու միութենականացման, աշխատավարձերու բարձրացման, ընկերային ապահովագրութեան եւ արժանապատիւ թոշակի ապահովումին: Այսպիսով, ՀՅԴ-ն իր ծրագիրի ընկերային եւ տնտեսական պահանջները տեսականէն գործնականի վերածելու վրայ պէտք է աշխատի: Օ՛ն, ուրեմն, աշխատաւոր դասակարգի եւ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան համար պայքարին մաս կազմելու:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
«Ազդակ» օրաթերթ